2014-11-17 14:53:26

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի առաքելական ճամբորդութիւնները` Սդրազպուրկ եւ Թուրքիա։


(Ռ.Վ. 17 նոյեմբեր 2014) Նոյեմբեր ամսուայ վերջաւորութեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը երկու միջազգային ճամբորդութիւններ պիտի կատարէ` առաջինը Սդրազպուրկ, 25 նոյեմբերին եւ երկրորդը Թուրքիա` 28 – 30 նոյեմբեր։
Երկուշաբթի, 17 նոյեմբերի կէսօրին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ երկու ճամբորդութիւններու յայտագիրներու պաշտօնական ներկայացումը։
Այս ճամբորդութիւնները կը հանդիսանան Ֆրանչիսկոս Պապին` 5-րդ եւ 6-րդ առաքելական միջազգային ճամբորդութիւնները։
Առաջինը պիտի տեւէ 3 ժամ 50 վայրկեան` որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը երկու ճառեր պիտի արտասանէ, մէկը Սդրազպուրկի ԵւրոԽորհրդարանի անդամներուն եւ միւսը Եւրոպայի խորհուրդի ներկայացուցիչներուն։
Ճամբորդութիւնը նկատուած է առաքելական միջազգային ամենակարճ ճամբորդութիւնը։ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի նախորդներէն` Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը, 1988-ի 8 – 11 հոկտեմբեր այցելած էր Սդրազպուրկ։
Ֆրանչիսկոս Պապին 6-րդ միջազգային ճամբորդութիւնը նախատեսուած է 28 – 30 նոյեմբեր` Թուրքիա։ Երեք օր տեւող ճամբորդութիւնը կը յատկանշուի համամիութենական երկխօսութեան ընթացքով, Քրիստոնեայ - Իսլամ միջկրօնական երկխօսութեամբ եւ Թուրքիոյ կաթողիկէ համայնքին հանդէպ մօտիկութեամբ։
Առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին նախատեսուած է նաեւ միջ-ծիսական արարողութիւն մը որուն կը մասնակցին Թուրքիոյ չորս կաթողիկէ համայնքները` Քաղդէացիները, Ասորիները, հայ կաթողիկէները եւ լատինները։
Ճամբորդութեան առաջին օրը յատկացուած է Անգարային ու քաղաքական պաշտօնական այցելութիւններուն մինչ երկրորդ օրը Նորին Սրբութիւնը կը փոխադրուի Իսթանպուլ ուր հանդիպումները կը յատկանշուին համամիութենական բնոյթով։
Իր կեցութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը զանազան հանդիպումներ կ՛ունենայ Կ. Պոլսոյ տիեզերական Պատրիարք` Բարթողոմէոս Ա-ի հետ, որուն հետ միասին, ճամբորդութեան աւարտին, պիտի ստորագրէ նաեւ միացեալ յայտարարութիւն։
Թուրքիոյ մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի արտասանէ չորս պաշտօնական ճառեր։
Յայտնենք որ Ֆրանչիսկոս Պապի նախորդներէն Երանելի Պօղոս Զ, սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետերը այցելած են Թուրքիան մինչ Յովհանէս ԻԳ քահանայապետը տասը տարիներ ամբողջ պաշտօնավարած է Թուրքիոյ մէջ որպէս առաքելական պատուիրակ։








All the contents on this site are copyrighted ©.